2015-01-23 12:46:12

Ֆրանչիսկոս Պապի գործունէութիւնը` հանդիպում Սուրբ Աթոռի ''Ռոթա Ռոմանա'' ատեանի անդամներուն հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ` 23 յունուար 2015-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ յաջորդաբար ընդունեց. Կարդինալ Ժորժ Փելը` Տնտեսութեան քարտուղարութեան կառավարիչը, Կարդինալ Կէրարտ Լուտվիկ Միւլլէրը` Հաւատայ Ժողովի կառավարիչը, գերապայծառ Փիօ Վիթօ Փինթոն` Սուրբ Աթոռի ''Ռոթա Ռոմանա - ամուսնութեան հարցերու վերաբերող ատեանի երիցագոյնը ու անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը։
Սրբազան Հայրը ապա ընդունեց` Սլովենիայի դեսպան` Տիկ Մաեա Մարիա Լովրէնիչ Սվեթէքը հրաժեշտի այցելութեան առթիւ հուսկ ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Աթոռի ''Ռոթա Ռոմանայի - սուրբ պսակի հարցերու վերաբերող- ատեանի անդամներուն, դատական տարւոյն բացման առթիւ։

Անոնց արտասանած իր խօսքին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապը նախ բարի մաղթանքներ յայտնեց Դատական Տարւոյն սկիզբին առթիւ ու խօսքը ուզեց կեդրոնացնել ''ամուսնութեան դիտաւորութեան կազմութեան` մարդկային ու մշակութային միջավայրին վրայ'' ակնարկելով ներկայ ընկերութեան մէջ արժէքներու ճգնաժամին։
Երանելի Պօղոս Զ քահանայապետը` քառասուն տարիներ առաջ խօսքը ուղղելով դատական անձնակազմին դատապարտած էր ժամանակակից մարդուն հիւանդութիւնները ''որ երբեմն ենթակայ է համակարգուած յարաբերականութեան որ զինք կը մղէ դիւրին ընտրանքի դիմելու, փոխարինելով բարոյական խղճի կայսրութիւնը հոգեբանական գիտակցութեան քմահաճոյքով'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը` ընդգծելով թէ կրօնական հեռանկարէն հրաժարիլը անխուսափելիօրէն կը յանգի ամուսնութեան սխալ հասկացողութեան վրայ։
Նորին Սրբութիւնը ապա ակնարկեց Եկեղեցւոյ ուրախութեան ի տես այն բազմաթիւ ընտանիքներուն որոնք իրենց հաւատքը կ՛ապրին լիովին ու մատնանշեց նաեւ Եկեղեցւոյ այլ ընտանիքիններուն որոնք կը տառապին ու կը տագնապին հաստատելով թէ շատ անգամ ամուսնութեան տագնապը իր հիմը կը գտնէ հաւատքի ճանաչողութեան տագնապին մէջ այսինքն` Աստուծոյ ու անոր սիրոյն ծրագիրին որ իրականացաւ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ։
Սրբազան Հայրը ապա դատապարտեց ''աշխարհիկ հոգեւորութեան'' ծաւալումը որ փոխանակ Աստուծոյ փառքը փնտռելու կը փնտռէ անձնական շահերն ու բարգաւաճումը ու յորդորեց եկեղեցական ատեանի դատաւորներուն` իրենց վճիռը արձակել նկատի առնելով նաեւ հաւատքի արժէքներու համակարգն ու միջավայրը, որպէսզի սխալի չի մատնուին։
Սրբազան Հայրը հրաւիրեց զանոնք ''չփակել մարդոց փրկութիւնը օրէնսդրական նրբանցքներուն մէջ'' մատնանշելով դարձեալ Երանելի Պօղոս Զ քահանայապետի խօսքերուն երբ կ՛ըսէր` ''Եթէ Եկեղեցին Աստուածային ծրագիր մըն է, անոր հաստատութիւնները, թէեւ տակաւին կատարելագործելիք, պէտք են ծառայել Աստուածային շնորհքը փոխանցելու եւ ամէն մէկուն պարգեւներու եւ առաքելութեան համեմատ յառաջացնեն, հաւատացեալներու բարիքը որ է Եկեղեցւոյ հիմնական նպատակը։ Այս ընկերային նպատակը ` հոգիներու փրկութիւնը, կը մնայ հաստատութիւններու, օրէնքներու եւ իրաւունքի գերագոյն նպատակը''։
Իր խօսքին աւարտին Սրբազան Հայրը մաղթանք յայտնեց որ ամէն մէկ եկեղեցական դատարանի մէջ գործեն հեղինակաւոր անձինք ու նշեց թէ Եկեղեցական ատեանի մօտ կատարուած մի քանի դատեր` ձրիաբար կը հովանաւորուին երբ կողմերը ֆինանսական կարողութիւններ չունին։
Սիրելի եղբայրներ ըսաւ ապա Քահանայապետը, ձեզի կը նորոգեմ իմ երախտագիտութիւնս ի տես այն բարիքներուն որ կը կատարէք Աստուծոյ ժողովուրդին ծառայելով արդարութեան ու ներկաներուն վրայ հայցեց Աստուածային օրհնութիւններ։








All the contents on this site are copyrighted ©.